2016-01-25 11:59:00

Ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարքը Իտալիոյ մէջ` Սուրիոյ քրիստոնեաներուն ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) 26-28 Յունուար 2016, Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք`Գերերջանիկ Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ﹒ Եունան, հիւրը կը հանդիսանայ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութեան բարեսիրական մարմնին։

26 Յունուարին Պատրիարքը կ՛ այցելէ Նափոլի քաղաքը ուր կը մասնակցի ''Քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւն'' բնաբանով գիտաժողովին։

27 Յունուարին Քազերթա քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի երկու ձեռնարկներու. Առաջինը` ''Մարիամ հետ աղօթք` խաղաղութեան համար'' բնաբանով հանդիպումին որ տեղի կ՛ունենայ ս﹒ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երկրորդ` ''Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հալածանքը'' նիւթով դասախօսութեան որ տեղի կ՛ունենայ Ս﹒ Պետրոս առաքելապետի ժողովրդապետութեան մէջ։

28 Յունուարին Հռոմի Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն կեդրոնին մէջ Ասորի պատրիարքը իր վկայութիւնը պիտի տայ ''Սուրիոյ քրիստոնեաները ընդմէջ պատերազմի, սովի, հալածանքի ու Արեւմուտքի անտարբերութեան'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.